2013-07-13 10:33:22

Իննօրեայի Աղօթք` Սանդիակօ Տի Գոմբոսդէլլայի Տաճարին Մէջ, Առ ի Պատրաստութիւն Սուրբ Յակոբ Առաքեալի Տօնին


Ամէն տարի հազարաւոր ուխտաւորներ Եւոպրայի ամէն անկիւններեն հետիոտն կը հասնին Սանդիակօ Տի Գամբօսդէլլայի ուխտատեղի` աղօթելու համար սուրբ Յակովբոս առաքեալին մասունքներուն առջեւ որուն տօնը կը նշուի 25 յուլիսին։
Առ ի պատրաստութիւն այս մեծ տօնին յուլիս 15-էն - 23, Սանդիակո Տի Գոմբօսդէլլայի ուխտավայրին մէջ նախատեսուած է իննօրեայի աղօթք որուն ընթացքին նախատեսուած են շարք մը խորհրդածութիւններ եւ քարոզներ եւ որուն բացումը կը կատարէ Հայր Ժաւիէ ֆրէզնօ` Զամօրայի թեմէն։ Իսկ չորեքշաբթի 24 յուլիսի երեկոյեան ժամասացութիւնը եւ հինգշաբթի 25 յուլիսի առաւօտեան սուրբ պատարագի արարողութիւնը, ինչպէս միշտ, կը նախագահէ Սանդիակոյ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ժուիլիան Պարիոս։







All the contents on this site are copyrighted ©.